image

Հոլանտայի մէջ. Տեղի ունեցած են ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերը

Հոլանտայի մէջ.  Տեղի ունեցած են ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերը

2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան առաջին լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 25-27 Յունուար 2024ին, Նետըրլէնտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ։

Պատգամաւորական 14րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Կեդրոնական վարչութիւնը մշակեց քառամեայ իր գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով հետեւեալները.

ա) Արցախը ներկայ հանգրուանին ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մէջ ունի առանցքային տեղ։ ՀՄԸՄի Արցախի Մեկուսի շրջանը այսօր իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ, կայք ունենալով ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ մինչեւ պատմական վերադարձ իր ակունքներուն։ Հարկ է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել Արցախի մասնաճիւղը։ ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը պարտականութիւնը ունին «ՀՄԸՄի Արցախ հիմնադրամ»ին ճամբով աջակցելու Հայաստան հաստատուած արցախցիներու օժանդակութեան ծրագիրներուն։

Արցախի գծով, լիագումարը որդեգրեց յատուկ նշանակ մը, որ այսուհետեւ իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն ՀՄԸՄական բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները։

բ) Լիագումարը հաստատեց, որ ՀՄԸՄի կենսունակութեան աղբիւրներէն մէկը երիտասարդութիւնն է, մասնաւորաբար 18-35 տարիքի այն միութենականները, որոնք սկաուտական եւ մարզական տարիներուն հրաժեշտ տալէ ետք, բեղուն եւ ներգործoն մարդուժ են իրենց գաղութներուն մէջ, վարչական-կազմակերպչական աշխատանքներու համար։ Սոյն նպատակով, Կեդրոնական վարչութինը որոշեց միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին հաստատել կազմակերպ Երիտասարդական Ճիւղ մը:

ՀՄԸՄը պարտի երիտասարդական իր ճիւղով մշակել ծրագիրներ՝ կարենալ համախմբելու համար միութենական քոյրեր-եղբայրներ եւ զանազան պատճառներով հայ իրականութենէն հեռացած նոր սերունդի անդամներ՝ իրենց ներդրումը ունենալու հայ իրականութեան մէջ՝ գիտակցելով, որ Սփիւռքի մաշեցնող իրականութեան դէմ յանդիման, ՀՄԸՄը՝ իբրեւ երիտասարդութեան ամէնէն աշխոյժ եւ կազմակերպ միութիւնը, պարտաւորութիւնը ունի ազգային արժեհամակարգի հիմերու ամուր պահպանման մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին մօտ։

գ) Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու պարագային, լիագումարը անհրաժեշտ գտաւ կեդրոնանալ ՀՄԸՄի համագաղութային կառոյցի հզօրութեան աշխատանքին վրայ։ Ինչպէս նաեւ համաՀՄԸՄական քառամեայ ձեռնարկներու կողքին, թափ տալ ցամաքամասային նախաձեռնութիւններու, շրջանները աւելի աշխուժացնելու, փոխադարձ կապերը սերտացնելու եւ երկու տարին անգամ մը նոյն ցամաքամասի սկաուտները եւ մարզիկները իրարու քով բերելու համար։

դ) Միութենական քարոզչութեան մարզը իր տպագիր, բանաւոր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով արժանացաւ լիագումարի բազմակողմանի քննարկման եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւնները գոհացնող եւ միութեան ընդհանրական դիմագիծը ներկայացնող քարոզչական համակարգ մը ունենալու։

ե) Միութեան կառուցային հզօրացման նպատակով, լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄի տեղեկութիւններու շտեմարանի (Data base-ի) աշխատանքներուն եւ այդ ճամբով աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄականները իրարու կապելու առաջադրանքին։

զ) Լիագումարը հաստատեց ՀՄԸՄի տնտեսական հզօրացման պարտաւորութիւնը եւ, առ այդ, շարք մը որոշումներ տուաւ միութեան ֆոնտերու աշխուժացման եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար։

է) Վերջին տարիներուն, ՀՄԸՄը դրական փորձառութիւն ունեցաւ «Հրաշք» ծրագիրին իրագործումով։ Յատուկ խնամքի կարօտ պատանի-պարմանուհիներ ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին շնորհիւ, առիթը ունեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ խաղերու իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Այս քառամեակին ճիգ պիտի կատարուի «Հրաշք»ի փորձառութիւնը կիրարկելու ՀՄԸՄական այլ շրջաններու մէջ եւս, հոն՝ ուր համապատասխան կարելիութիւններ գոյութիւն ունին։

Եռօրեայ լիագումար նիստերուն առընթեր, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Նետըրլէնտներու ՀՄԸՄի երեք Մեկուսի շրջաններու՝ Ալմելոյի, Առնհեմի եւ Ալքմարի վարչութիւններուն հետ, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ալմելոյի եւ Առնհեմի վարչութիւններուն՝ վաստակաւոր ՀՄԸՄականներու պարգեւատրման ձեռնարկներուն։

2023-2027 քառամեակի առաջին լիագումարը նշեց ՀՄԸՄի 14րդ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մեկնարկը՝ հայ կեանքի ամէնէն բարդ եւ պատասխանատու այս հանգրուանին, մշակուած ծրագիրներու յաջողութեան համար հրամայական նկատելով ՀՄԸՄական կարելիութիւններու ամբողջական լարումը՝ ի սպաս հայ երիտասարդութեան համախմբման, ի խնդիր հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայութեան։

 

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ