image

Հոկտեմբեր 22-ին ի՞նչ պիտի քննարկեն Փութինն ու Էրտողանը

Հոկտեմբեր 22-ին ի՞նչ պիտի քննարկեն Փութինն ու Էրտողանը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը մտադիր է 22 հոկտեմբերին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկել Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման հարցի վերաբերեալ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի շահերը: Այս մասին Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է Պոլսոյ մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Երեքշաբթի Սոչիի մէջ մենք պիտի հանդիպինք Փութինի հետ: Մեր նպատակը ընդունելի լուծում գտնելն է: Մենք կ'ուզենք, որ սուրիական շրջանները մաքրուին Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան եւ «Ինքնապատշպանութեան ազգային ուժերու» զինեալներէն: Եւ մենք որեւէ առարկութիւն չունինք, որ այդ շրջանները վերահսկուին սուրիական ռեժիմի կողմէ»,- ըսած է ան: