image

Հոգշ. Գարեգին վրդ. Շխրտմեան Թորոնթոյի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ նշանակուեցաւ

  Հոգշ. Գարեգին վրդ. Շխրտմեան Թորոնթոյի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ նշանակուեցաւ

Բարձր տնօրինութեամբ Կիլիկեան Աթոռի Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանին օրերս Հոգշ. Գարեգին վրդ. Շխրտմեան Թորոնթոյի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ նշանակուած է։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Աւազանի անունով Յարութ Շխրտմեան ծնած է 16 Յունուար 1992-ին Հալէպ- Սուրիա։ Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Զուարթնոց Վարժարանէն, ապա ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: Դպրեվանքի ութամեայ կրթական ծրագիրը աւարտելէ ետք, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 17 Յունիս 2012-ին, ձեռամբ Գերաշնորհ՝ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ վերանուանուած է Գարեգին Աբեղայ:

Յուլիս 12 2015-ին, վարդապետական թեզը պաշտպանելէ ետք, արժանացած է Վարդապետական աստիճանին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին: 

Դպրեվանքէն ներս հինգ տարի դասաւանդած է եկեղեցական երաժշտութիւն, ստանձնելով նաեւ ընդհանուր հսկիչի պաշտօն, ապա որպէս փոխ-տեսուչ։ Հայր Գարեգին նաեւ ստանցնած է, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետի, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերու խմբավարի պաշտօնները։

Օգոստոս 6 2017-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի հրաւէրով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Գարեգին Վարդապետ ժամանած է Գանատա, եւ նշանակուած Հոգեւոր Հովիւ Վանգուվրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ 

Մայիս 2024-ին, ան արժանացած է Աստուածաբանական Մագիստրոս աստիճանի, աւարտելով Վանքուվրի “School of Theology” համալսրանը:

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի տնօրինութեամբ, Գարեգին Վարդապետ Դեկետեմբեր 1. 2024-էն սկսեալ կը նշանակուի Հոգեւոր Տեսուչ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ: