image

Փաշինեան այցելած է Եռաբլուր

 Փաշինեան այցելած է Եռաբլուր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ծաղիկներ խոնարհած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու շիրիմներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հերոս հայորդիներու յիշատակին:

«Միայն 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած տարիներին մենք խորութեամբ եւ ամբողջութեամբ բացայայտեցինք, թէ ինչ է տեղի ունեցել մեր շուրջ՝ անկախութեան առաջին օրերից ի վեր»։ Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Բացայայտուածն, ընդ որում, դեռ պէտք է մարսենք, դեռ պէտք է հասկանանք, դեռ պէտք է կարողանանք ճիշդ հետեւութիւններ անել, որը հեշտ չէ. ցաւը շատ մեծ է, էմոցիաները շատ բուռն, եւ այսպիսով՝ սառը դատողութեան եւ վերլուծութեան համար տարածքը շատ փոքր։

Ինձ համար հետեւութիւնը մէկն է. մեր Նահատակները մեզ համար պետութիւն ունենալու նոր հնարաւորութիւն են բացել։ Այդ հնարաւորութիւնը (չգիտակցուած) սկսեցինք կորցնել Անկախութեան ձեռքբերումից գրեթէ անմիջապէս յետոյ, իսկ 1999 թուականի հոկտեմբերի 27-ից յետոյ կորցրինք՝ թւում է անդառնալիօրէն։

Նահատակները նոր հնարաւորութիւն ստեղծեցին մեզ համար։ Ինչու, ինչպէս՝ այսօրուայ խօսակցութեան նիւթ չէ։ Այսօրուայ խօսակցութեան նիւթը մէկն է՝ Փառք նահատակներին, եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Նահատակների զոհողութեան ամենախօսուն փառաբանութիւնը»,- գրած է վարչապետը՝ հրապարակելով տեսանիւթ Եռաբլուրէն: