image

Հռոմի Պապէն կոչ՝ «Դադրեցուցէ՛ք պատերազմները»

Հռոմի Պապէն կոչ՝ «Դադրեցուցէ՛ք պատերազմները»

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը շաբաթ երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պատարագի ժամանակ ողջ աշխարհի կաթողիկէներուն աւետած է Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը՝ դատապարտելով «պատերազմի սառէ քամիները» եւ անարդարութեան այլ դրսեւորումները։ Այս մասին գրած է golosameriki.com-ը:

86-ամեայ քահանայապետը իր քարոզին մէջ խօսած է դառնութեան, անհանգստութեան եւ հիասթափութեան մասին, որ շատերը կը զգան ժամանակակից աշխարհին մէջ:

«Մենք կրնանք մեզի անօգնական եւ յուսահատ զգալ յարաբերութիւնները քանդող չարի ուժէն, հակամարտութիւններէն, անտարբերութենէն, որոնք, կարծես, կը գերիշխեն հասարակութեան մէջ», -ըսած է ան: 

Ուժեղ եւ վստահ ձայնով իր քարոզն ըսելու ժամանակ Ֆրանչիսկոս պապը նշած է, որ նոյնիսկ երբ մարդիկ կը զգան, որ յոյսի աղբիւրը չորցած է, կարեւոր է ոչ թէ սառիլ պարտութեան զգացումով, այլ Աստծոյ օգնութեամբ փնտռել «ներքին յարութիւն»:

Քահանայապետը նաեւ կրկին կոչ ըրած է դադրեցնելու բոլոր պատերազմները։

Աւանդաբար Աւագ շաբաթը կ'աւարտի կիրակի օր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ Սուրբ Զատկի պատարագով, այնուհետեւ Հռոմի Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարի կեդրոնական պատշգամբէն կ'արտասանէ Urbi et Orbi օրհնութիւնն ու պատգամը։