Շիքակոյի մէջ ծնած Ռապըրթ Ֆրէնսիս Փրեւոսթ, որ անցնող 8 մայիսին ընտրուեցաւ Հռոմի պապ ու վերակոչուեցաւ Լեւոն XIV, կը սերի սեւամորթ ընտանիքէ, որոնց պատմութիւնը կը սկսի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օռլիընզ քաղաքէն։
Այս բոլորին մասին օրերս պատմած է ամերիկեան ABC հեղինակաւոր հեռուստալիքը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ՝ ABC News-ի պատրաստած հրապարակումը։
«ABC News-ը ձեռք բերած է շարք մը գրառումներ, ՝ 1900-ականներու սկիզբը ԱՄՆ մարդահամարի գրառումներէն, որոնք ցոյց կու տան, որ առաջին ամերիկացի Պապի տոհմածառը կ’արտացոլէ այս երկրի բարդ պատմութիւնը:
Լեւոն XIV-ի մօր կողմէ, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը՝ Ժոզէֆ Մարթինէզ եւ Լուիզ Պաքէյն, մի քանի մարդահամարի փաստաթուղթերու հիման վրայ արձանագրուած էին որպէս սեւամորթ կամ խառնածին:
1887 թուականի իրենց ամուսնութեան արտօնագրին մէջ Մարթինէզ նշած է իր ծննդավայրը որպէս Հայիթի, եւ ծննդեան գրառումները ցոյց կու տան, որ ան ծնած է Տոմինիքեան Հանրապետութեան Սանդօ Տոմինիքայի մէջ: Քրիս Սմոթըրզ, մասնագիտացած ծագումնաբան եւ Սիմընզ համալսարանի դասատու եւ պատմաբան, ABC News-ին յայտնած է, որ անոնք այն ժամանակաշրջանին նոյն տարածքները կը բնակէին: Պաքէյնիի ծննդեան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան ծնած է Նիւ Օռլիընզ:
Մարթինէզ թէեւ ծնած է արտասահմանի մէջ, պարզուած է, որ անոր հայրը` Պապի նախամեծհայրը, Լուիզիանայէն էր, նշած է Սմոթըրզ՝ ընդգծելով Պապի ծագումը Հարաւային Ամերիկայէն:
«Ակնյայտ է, որ Հռոմի պապը դարաւոր կապեր ունի Լուիզիանայի ազատ սեւամորթ մարդոց հետ», - ըսած է Սմոթըրզ ABC News-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
1900 թուականի մարդահամարի ընթացքին, երբ Պապի ընտանիքը կ’ապրէր Նիւ Օռլիընզ, Լեւոն XIV-ի՛ մօր կողմէ մեծ մայրը եւ մեծ հայրը, առաւել անոր մօրաքոյրները՝ Իրման եւ Մարկրէթը, սեւամորթներ էին: Այնուամենայնիւ, 1920 թուականին, երբ ընտանիքը գաղթեց Շիքակօ եւ ունեցան պապի մայրը՝ Միլտրէտին, այդ տասնամեակի մարդահամարը ընդգծեց զանոնք որպէս սպիտակամորթներ:
Այդ ժամանակ Հարաւէն խոյս տուած շատ մը ընտանիքներու նման անոնք կրնային փոխել իրենց ցեղային ինքնութիւնը ընդհանուր «գոյատեւման ռազմավարութիւն» որպէս, եւ կամ տնտեսական որոշում:
Իր կարգին յայտնած է Պապին եղբայրը՝ Ճոն, որ նոյնպէս խօսած է ամերիկեան ալիքին, ըսած է, որ իրենց ընտանիքը, ոչ մէկ առթիւ ցեղային հարցեր չէ արծարծած:
Հինգշաբթի երեկոյեան տարածուած յայտարարութեան մէջ Նիւ Օռլիընզի քաղաքապետ՝ Լաթոյա Գանթրէլ ըսած է, որ «Նիւ Օռլիընզ քաղաքը տարբեր կրօններու եւ հաւատքներու դրական միատեղման կեդրոն մըն է: Մենք ոգեւորուած ենք ողջունելու Հռոմի Լեւոն XIV-ը, որ կը մարմնաւորէ բարոյականութիւն եւ միասնութիւն»։
Նիւթը՝ «Արեւելք»ի համար անգլերէնէ թարգմանեց՝ Նաթալի Քէնտիրճեան- Տէր Ստեփանեան