Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գիտաուսումնական կեդրոնին եւ Սահմանապահ զօրքերու հրամանատարութեան նախաձեռնութեամբ՝ համալսարանական ուսանողներ այցելած են Հայաստանի պետական սահման՝ ծանօթանալու սահմանապահ ծառայութեան առանձնայատկութիւններուն, զինուորներու ծառայութեան եւ կենցաղային պայմաններուն։
ԱԱԾ-ի հաղորդմամբ՝ ուսանողները մասնակցած են «Հայաստանի պետական սահմանը» նիւթով բաց դասի, այցելած են սահմանապահ ջոկատ եւ ուղեկալ, ծանօթացած սահմանապահ ծառայութեան մէջ գործածուող արհեստագիտական միջոցներուն եւ ծառայողական շուներու աշխատանքին։
Այցելութեան ընթացքին խումբը եղած է նաեւ «Բագրատաշէն» սահմանային անցակէտին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատուած Կիրանցի հատուածին մէջ, ուր ներկայացուած են սահմանապահ ծառայութեան առանձնայատկութիւնները։