image

Հրդեհ՝ «Յաղթանակ» զբօսայգիի չշահագործուող սրճարանին մէջ

Հրդեհ՝ «Յաղթանակ» զբօսայգիի չշահագործուող սրճարանին մէջ

Հոկտեմբեր 23-ին, ժամը 08:28-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ կ՚այրի շինութեան տանիք։

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է չշահագործուող սրճարանի մէջ։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 08։50-ին, մարած՝ 09:17-ին։ Այրած են սրճարանի (40 քմ) փայտեայ կառուցատարրերը։