Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի «Խաչքարեր» խորագրեալ պատկերագիրքին ներկայացումը։ Գիրքը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի եւ Արցախի խաչքարերը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականին կազմակերպութեամբ, 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.) տեղի պիտի ունենայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Խաչքարներ» հատորին ներկայացումը, որմէ անմիջապէս առաջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն մը, նուագակցութեամբ՝ «Էնտրու Յակոբեան» եռեակին։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube-ի միջոցաւ, կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։