Թուրքիա- Ահաբեկչական ծանր պայթում մը ցնցած է Թուրքիան: Միջազգային լրատուական գործակալութիւններ կը յայտնեն, որ ծանր պայթումը տեղի ունեցած է Սուրիոյ հետ (Գոպանի) սահմանային Սուրուճ աւանին մէջ: Նախնական տուեալներով կան տասնեակ զոհեր: Նշենք, որ այդ շրջանին մէջ ապաստանած են Սուրիոյ պատերազմէն խոյս տուած հազարաւոր փախստականներ: