Վագըֆգիւղի հայրենակցական միութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ, օրերս, հրապարակային ասուլիս տեղի ունեցած է, որու ընթացքին քնանրկուած է հասարակական համերաշխութեան մշակոյթի ու հասարակական կազմակերպութիւններու դերը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Վագըֆգիւղի հայրենակցական միութեան 25րդ տարեդարձին նուիրուած հրապարակային ասուլիսը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը, որ կը միտէր քննարկել հասարակական համերաշխութեան մշակոյթի ու հասարակական կազմակերպութիւններու դերը, կայացաւ լրագրող-հրապարակախօս Բագրատ Էսթուքեանի համակարգումով։
Քննարկումի ընթացքին բանախօսները, որոնք կը ներկայացնէին զանազան հայրենակցական միութիւններ, խօսք առին, անդրադառնալով իրենց վարած գործունէութեանց, դժուարութիւններուն ու ապագայի նպատակներուն եւ կատարելով բովանդակալից արժեւորումներ։
Վագըֆգիւղը ներկայացուց Թադէոս Պապէք, Սեբաստացիներու միութեան անունով հանդէս եկաւ Շուշան Ենիճէ, Ատըեամանցիներու միութեան անունով՝ էրհաթ Պաքըրճըօղլու, Սասուն-Պիթլիս հայրենակցական միութիւնը ներկայացուց Թուրկայ Քափ, Աճարգիւղ-Սասուն միութեան անունով մասնակցեցան Ֆիքրի Չալըշ, իսկ Եոզկատցիներու միութիւնը՝ Նազարէթ Էօզսահակեան։
Անոնք շեշտեցին հայրենակցական միութիւններու կարեւորութիւնը՝ մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու, հասարակութեան հետ կապերը ամրապնդելու տեսակէտէ։
Հարցում-պատասխանի բաժինը առիթ ստեղծեց որ մասնակիցներ իրենց տեսակէտներն ու փորձառութիւնները բաժնեն մէկզմէկու հետ։ Ձեռնարկը ծառայեց իր նպատակին եւ աւարտին հասաւ համերաշխութեան եւ հաւաքական յիշողութեան գիտակցութիւնը շեշտող պատգամներով։