image

Հնչեակի մը հետքերով (1)

Հնչեակի մը հետքերով (1)

1833-ին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէր բանաստեղծութիւններու փունջ մը, որ կը կոչուէր Mes heures perdues “Կորսուած ժամերս”, հեղինակութեամբ Félix Arvers-ի (ստորեւ նկարը) “Ֆելիքս Առվեր” (1806−1850): Ասոնք քնարերգական բնոյթի ոտանաւորներ էին՝ յագեցած վիպապաշտական “romantique” դպրոցի բոլոր յատկանիշերով: 

Որոնց մէկը՝ հնչեակ մը, կը կրէր L’Amour caché “Պահուած սէր” խորագիրը, որ պէտք է հասկնալ «գաղտնի»: Գրութեան կցուած էր լուսաբանական կարճ  նշում մը՝ «իտալերէնէ քաղեալ»,  այլ խօսքով՝ «հիմնուած՝ իտալական գրականութեան մէկ նմուշին վրայ», ուրեմն՝  ոչ-անձնական ներշնչումի արտադրութիւն:

Ինչպէս կը նկատենք, բանաստեղծը ամէն ճիգ կը թափէր, որ ընթերցողը որեւէ կապ չտեսնէր իր եւ գրութեան միջեւ:

Իսկ ի՞նչ էր անոր բովանդակութիւնը:

Ան կը խօսէր ի մասին կայծակնային սիրոյ մը, որ դատապարտուած էր անպատասխան մնալու, քանի  խնդրոյ ա-ռարկան  ամուսնացեալ  երիտասարդուհի  մըն էր,   որ կարդալով  այս հնչեակը «ինքնիրեն հարց պիտի տար, թէ “ո՞վ  է այս կինը”,− ու ոչինչ գուշակէր»: 

Ստորեւ այդ հնչեակի բնագիրը. անգլերէն թարգմանութիւնը իմ համադրութիւնս է, իսկ  հայերէն թարգմանութիւնը՝ Մեսրոպ Նուպարեանինն է («Հոսանք», թիւ 25, 1912). այս վերջինին վրայ թեթեւ միջամատութիւններ կատարած եմ՝ թարմացնելով կարգ մը հնացած բառեր ու ոճեր, որոնք արեւմտահայերէնին յատուկ էին  թարգմանիչի օրերուն:

Mon âme a son secret, ma vie a son mystère, My soul has its secret, my life its mystery, 

Un amour éternel en un moment conçu: An eternal love conceived in a moment:

Le mal est sans espoir, aussi j'ai dû le taire, Hopeless is the scourge, yet I must keep silent, 

Et celle qui l'a fait n'en a jamais rien su. And she who caused this love was unaware of it.

Hélas! j'aurai passé près d'elle inaperçu, Alas! Unperceived I would have past by her, 

Toujours à ses côtés, et pourtant solitaire, Always at  her side and yet always lonely,

Et j'aurai jusqu'au bout fait mon temps sur la terre, Unto the end will I linger on this earth, 

N'osant rien demander et n'ayant rien reçu. Daring to ask naught and having naught received. 

Pour elle, quoique Dieu l'ait faite douce et tendre, Though God created her gentle and gracious, 

Elle suit son chemin, distraite et sans entendre She follows her way heedless and unconscious

Ce murmure d'amour élevé sur ses pas. Of this love murmur that her steps arise.

À l'austère devoir, pieusement fidèle, Piously faithful to her austere duty

Elle dira, lisant ces vers tout remplis d'elle: She’ll say while reading these lines full of her: 

«Quelle est donc cette femme ?» et ne  “Who might this  woman be ?” and will  guess never.

 

Գործ՝  Eugène  Auger 

                         comprendra pas.

Կեանքս գաղտնիք մ’ունի, խորհուրդ մը՝ հոգիս,

Սէր  մը անանց, որ յեղակարծ գերեց զիս.

Անյոյս է ցաւս, այլեւ  պարտիմ  քողարկել, 

Եւ կինը, որ յարոյց զայն, չհասկցաւ բնաւ զիս:

 

Աւա՜ղ, քովէն կ’անցնիմ զերդ աննշմար խլեակ, 

Յաւէտ իրեն կողքին, բայց եւ միս-մինակ,  

Ձեռնունայն պիտ’ ապրիմ կեանքն այս  անձկայրեաց 

Չխնդրելով ոչինչ,   ու  ոչինչ ստացած: 

 

Թէպէտ հեզ ու բարի յօրինեց   զինք Աստուած,    

Ան  ճամբան թարթափուն պիտ’քալէ չլսած

Հէգ մրմունջն այս անբախտ սիրոյ մը անձկագին, 

Որ հեծեծուն  կ’ուղղեմ   անցած միջոցին:

 

Ամուսնական   լուծին  համակ նուիրուած՝   

Կարդալով տողերն այս, որ ի՛նք  է   ներշնչած,                                                                                         

Հարցնէ. «Ո՞վ է  կինն այս, որ այնքան սիրէ նա»,−

Ու մորմոքիս անլուր՝ ոչինչ պիտ’գիտնայ:

                                                  *   *   *

Ուրեմն Առվեր այս քերթուածը կը հրատարակէր 27 տարեկանին,  եւ այն օրէն կը սկսէր անոր հռչակը, որ կլանեց նախ ամբողջ Ֆրանսան ու անոր  կից ու զուգահեռ քիչ մը ամբողջ Եւրոպան եւ աւելի հեռուները: Անոր առթած գեղարուեստական վայելքին կը զուգորդուէր այն անյաղթահարելի հետաքրքրութիւնը եւս, թէ ո՞վ կրնար ըլալ  քերթուածին հերոսուհին. քիչ մը ամէն ոք համոզուած էր,  որ կեղծ էր  անոր վերագրուած «իտալերէնէ քաղեալ» նշումը, որ ճշմարտութիւնը  ծածկելու կը ծառայէր միայն: Եւ թափ կը տրուէր  ամէն երեւակայութեան,  փորձ կ’ըլլար յայտնաբերելու  այն օրերուն կամ տարիներուն փարիզեան ծանօթ շրջանակները յաճախողներուն մէջ յարմարագոյնը, որուն տուեալները կրնային պատշաճիլ ու  համապատասխանել   հնչեակի այն հերոսուհիին, որ անպատասխան ձգած էր բանաստեղծին «յեղակարծ  սէրը»:

Եւ կը տողանցէին այլազան անուններ, որոնք զիրար կը հրմշտկէին ու այնպէս ալ վերջնական համախոհութիւն չգտնելով՝ կ’անհետանային՝  նորանոր անուններու զիջելով իրենց տեղը:

Այդ տարիներուն Առվեր փարիզեան հրապարակը կը լեցնէր մեծ ժողովրդականութիւն գտած թատերագիրի, բանաստեղծի, այլեւ  յաջողակ, սիրուած դերասանի ու կենցաղասէր dandy-ի նիստուկացով ու յաճախումներով: 

Սակայն երկար չի տեւեր այս բոլորը. ան երիտասարդ կը մեռնի ոսկրածուծային հիւանդութեան մը պատճառով՝ 1850-ին, գրեթէ ամբողջութեամբ մոռցուած. ետին կը ձգէ մէ՛կ գլուխ գործոց՝ իր հնչեակը,  եւ անոր ակնարկած կնոջ անլոյծ  մնացած առեղծուածը:

 

 

              Թաղուեցաւ  Cézy-Yonne-ի մէջ, Փարիզէն 150 կմ հարաւ նահանգ մը,  հօրենական գերեզմանին մէջ, մօրը շիրիմին կից: 

Շիրմաքարին վրայ կը կարդանք՝     

«Թող մոռնան զիս, եւ աշխարհը թող յիշէ ինձմէ միայն  

               “Կորսուած ժամերս”-ի երգերը»:

Իսկ ես կը մտածեմ,  թէ որքա՜ն աւելի պիտի յարմարէր անոր վրայ գրուած տեսնել տարաբախտ Թեքէեանի քառեակը.

               Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք

               Սիրածներէս գիտցաւ, թէ

               Զինքը որքա՜ն սիրեցի, 

               −Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ...

 


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com