image

Թափանցիկ մօտեցումներ եւ ճշմարիտ խօսք. ԶՊՄԿ-ի «Կայուն զարգացման» գծով Տնօրէն Արմէն Ստեփանեանի ուղենշային ելոյթին հետքերով

Թափանցիկ  մօտեցումներ եւ ճշմարիտ խօսք.  ԶՊՄԿ-ի «Կայուն զարգացման» գծով Տնօրէն Արմէն Ստեփանեանի ուղենշային ելոյթին հետքերով

 

Ցանկացած կարեւոր եւ մեծ կշիռք ունեցող նախաձեռնութիւն ենթակայ կը դառնայ քննադատութեան։ Քննադատութիւնը, եթէ առողջ է կ՚օժանդակէ, որ ոլորտը իր մէջ եղած բացթողումները նկատէ, կ՚ողմնորոշուի եւ ճիշդ քայլեր ընելով ընթանայ դէպի նոր յաջողութիւններ։ Զարմանալի չէ անշուշտ, որ մասնաւորապէս յաջողութիւնը արձանագրած կազմակերպութիւններ թիրախ կը դարձուին։  Քննադատելու երեւոյթը միայն հայկական աշխարհին ու Հայաստանի մէջ եղող երեւոյթ մը չէ, այլ ունի «մեծ աշխարհագրութիւն»։ 

Ու հոս է նաեւ, որ ցանկացած կարեւոր նախաձեռնութեան պարագային կը կարեւորուի երկու հիմնարար առանցք։ Առաջինը ճիշդ հարթակ ստեղծելու կարեւորութիւնն է եւ երկրորդը անաչառ եւ հաւասարակշռուած լրագրողներու կողմէ իրազեկումը։ 

Այս բոլորը իրար զօդողն անշուշտ անկեղծ ու «բաց» խօսիլն է, որ բոլոր մակարդակներու վրայ առկայ խնդիրները պիտի ներկայացնէ հանրութեան ու նաեւ քննարկումներ կայացնելով հասնի ճիշդ ու ճշմարիտ լուծումներու։

Այս մասին գրեցինք, պարզ անոր համար, որ ինչպէս տարբեր փուլերուն այսօր եւս Հայաստանի պետական գանձին կարեւոր տուրքեր հոսեցնող հիմնական ոլորտը՝ հանքարդիւնաբերութիւնը, ինչ-ինչ հաշիւներով եւ յետին նպատակներով կը դառնայ թիրախ տարբեր խմբաւորումներու կողմէ եւ այդ թիրախաւորումը ամէնէն աւելի երեւելի կը դառնայ մամուլի ճամբով։

Ի դէպ խօսքի ճշմարտացիութեան եւ համապատասխանելիութեանս մասին օրերս կարեւոր դիտարկումներով հանդէս եկած է է «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ»ի «Կայուն Զարգացման» գծով տնօրէն՝ Տիար Արմէն Ստեփանեան:

Ստեփանեան ելոյթ ունեցած է Երեւանի մէջ կայացած «Ամուր Հայաստան 2024» գիտաժողովի ծիրէն ներս կատարելով հիմնարար դիտարկումներ։

Ստորեւ Արմէն Ստեփանեանի խօսքին հիմնական հատուածները։

«Նման քննարկումները հարթակ են պատգամներ փոխանցելու լսարանին, իսկ լսարանները տարբեր են, եւ իւրաքանչիւրը համապատասխան պատգամի կարիք ունի։ Այս գիտաժողովէն ակնկալիքը, առարկայական քննարկումն էր ձեռնարկատիրութեան, պետութեան եւ հասարակութեան բնապահպանական ուղղութեամբ, որպէս համատեղ օրակարգի ձեւաւորման սկիզբ։

Ցանկացած մարտահրաւէր ցոյց կու տայ, որ ուր են ձեր բացերը, ուր կան թոյլ տեղեր եւ կազմակերպութիւն, որ ունի ճիշդ կառավարման համակարգ անմիջապէս ուշադրութիւն կը դարձնէ այդ բաց տեղերուն, եւ ան շատ արագ իր կառավարման մեթոտներով ու գործիքներով կը սկսի յաղթահարել առկայ խնդիրերը։

Թափանցիկութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան օրակարգի անբաժանելի եւ կարեւոր մաս են։

Հաշուետուութիւններ, զեկոյցներ, լսումներ, քննարկումներ՝ այս ամէնը կայուն զարգացման գրաւականն են։ Մտահոգ մարդիկ պէտք է իմանան, հասկնան, թէ ինչով կը զբաղին: Կայ երկու մօտեցում․ կամ բաց ձեւով կը պատմես ինչ կ'ընես կամ չես ըսեր։

Երբ չես յայտարարեր եւ չես խօսիր, տարբեր, անառողջ միջավայրի մտքեր կը յառաջանան, որոնք խեղաթիւրման առիթ կրնան հանդիսանալ : Գաղտնիք չէ, որ մեր ոլորտը ամէնէն թիրախ դարձած ոլորտներէն մէկն է, եւ ամէնէն հեշտ ձեւը խեղաթիւրելու ժողովուրդը, մանաւանդ համայնքը՝ վախն է, վախի տիրոյթն է, եւ անոր մասին պարզ թափանցիկ պէտք է խօսիլ: Պէտք չէ վախնալ, ընդհակառակը պէտք է աշխատիլ այդ ուղղութեամբ, պէտք է ամէնօրեայ աշխատանքի մէկ մասը ըլլալ թափանցիկ եւ շատ բարձր խօսիլը մեր գործունէութեան մասին: Խօսիլը ճանապարհն է դէպի վստահութիւն: Երբ կը խօսիս, մարդիկ կը սկսին օր մը քեզի հաւատալ, եւ այնտեղ հասնելու դեռ երկար ճանապարհ ունինք, թէ՛ որպէս կազմակերպութիւն եւ թէ՛ որպէս ոլորտ եւ օր մը որ սկսին հաւատալ, արդէն կ'անցնինք այն շեմը, ուր մարդիկ կը սկսին վստահիլ: Ես գիտեմ հիմա մեզի չեն վստահիր եւ անիկա լուրջ պատճառներ ունի, եւ այն տարբեր հաղորդակցութեան գործիքները, որոնք մենք կը կիրառենք, միտուած են, որ վերականգնենք վստահութիւնը: 

Քննարկումները պէտք է ըլլան կառուցողական։ Զրպարտութեան լեզուն կը տանի փակուղի։ Զրպարտութիւնը որեւէ լաւ բան չ'ըներ, անիկա կը շեղէ իրական խնդիրներէն: Իրական խնդիրները շատ շատ են, որոնց մասին կը փորձենք խօսիլ, բայց շատ անգամ մեր խօսքը չի լսուիր, որովհետեւ վախերով կը կառավարեն մարդոց, քաղցկեղով, չեղած խնդիրներով եւ կը շեղինք իրական ճանապարհէն: Պէտք է խօսիլ իրական խնդիրներու մասին, որոնք աւելի շատ են քան իրենք կը կարծեն եւ անոնց լուծման միակ տարբերակը կառուցողական երկխօսութիւնն է: Անոր համար կան տարբեր հարթակներ: Մենք կ'առաջարկենք մերը, երբ չեն հաւնիր թող առաջարկեն իրենցը, խնդիր չկայ: 

Այսօրուան Հայաստանի մէջ, այսօրուան անվտանգութեան խնդիրներու տակ բարձրաձայնել եւ թիրախաւորել ամէնէն մեծ ոլորտներէն մէկը, ես կը համարեմ անլրջութիւն, երբ որ կայ այլ հարթակ խնդիրները բարձրաձայներլու եւ լուծումներ գտնելու:» 

Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը