image

Հնչակեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի այցելեց Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանին

Հնչակեան   պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի  այցելեց Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Համբիկ Սարաֆեանի, եւ մասնակցութեամբ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անդամներու, հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան` Լին Թրէյսիի հետ:

 

Հանդիպումի ընթացքին ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները անդրադարձան շրջանային զարգացումներուն, ներկայիս տիրող անվտանգութեան իրավիճակին եւ Հայաստանի սահմաններէն ներս կատարուող յարձակումներուն, Հայաստանի ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ յանձնարարութեան եւ անոնց զարգացման, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու, որոնք կարեւոր են Հայութեան` Հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:

 

Պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին դեսպանին իր ծառայութեան եւ այն աշխատանքին համար, որ ան կը տանի խթանելու  ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները, Հայաստանի տնտեսական զարգացումը եւ ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները տարբեր բնագաւառներէ ներս:

 

Ամերիկահայերէ բաղկացած պատուրակութեան մաս կը կազմէին` ընկերներ Համբիկ Սարաֆեան, Վազգէն Խոտանեան, Սեւակ Խաչատուրեան եւ Թալին Քէշիշողլեան: