Հալէպի Հնչակեան շրջանակները դառն վիշտով գուժած են համայնքի յարգուած գործիչներէն ՝ Վահրամ Իսկէնեանի մահը։
«Արեւելք» այս մասին իմացաւ ՍԴՀ Կուսակցութեան Հալէպի դիմատետրի էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հիւսիսային Սուրիոյ Վարիչ Մարմինը խոր կսկիծով կը գուժէ իր վեթերան անդամ ընկերոջ, ՀՄՄ Սկաուտական պատասխանատու եւ միութենական տարբեր պաշտօններ ստանցնած երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած, նուիրեալ ընկեր Վահրամ Իսկէնեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2021-ին , յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յիշատակը անթառամ մնայ, Աստուած հոգին լուսաւորէ։