image

Ճատրակ. Վլատիմիր Յակոբեան՝ ԱՄՆ վեթերաններու փոխախոյեան

Ճատրակ. Վլատիմիր Յակոբեան՝ ԱՄՆ վեթերաններու փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի ազգային խումբի նախկին անդամ, ողիմպիական ու աշխարհի խմբային խաղերու ախոյեան Վլատիմիր Յակոբեան նոյնպէս Ամերիկա գաղթած է եւ հոն կը շարունակէ իր ասպարէզը՝ ընդհանրապէս մարզչական աշխատութիւններով։

Յակոբեան, մասնակցելով Ամերիկայի վեթերաններու ախոյենութեան, տիրացած է արծաթեայ մետայլի։

Ան միակ մասնակիցն էր, որ մրցաշարքի ընթացքին պարտութիւն չէ կրած եւ 9 խաղի արդիւնքով ապահոված է 5.5 նիշ։ Նոյն նիշը ապահոված է նաեւ մրցաշարքի ախոյեանը՝ Ալեքսանտր Ֆիշպէյն, բայց ան լրացուցիչ ցուցանիշներով տիրացած է ոսկեայ մետայլի։