image

Հնչակեան Երիտասարդներ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն Այցելեցին

Հնչակեան Երիտասարդներ  ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն Այցելեցին

Հայաստան-  Հայաստանի մէջ ընթացող «երիտասարդական հաւաք»ին մասնակից Հնչակեան երիտասարդներ երէկ  այցելութիւն տուած  են  ՀՀ  Պաշտպանութեան նախարարութիւն:  Նշենք, որ   հանդիպման  ընթացքին    ողջոյնի խօսք արտասնած է   ՀՀ  պաշտպանութեան նախարար ՝Սէյրան Օհանյանը, որ ըսած է,  թէ  Հայաստան այցելող երիտասարդները միշտ ցանկալի հիւր  են ՀՀ պաշտպանության նախարարութիւնէն ներս  եւ ուրախալի է, որ բազմաթիւ  հայ երիտասարդներ, ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ , իրենց գաղափարական ուղղուածութիւնն ու հիմնական ճանապարհները  կ'ուղղեն են դէպի մայր հայրենիք: Նախարար Օհանեան  նոյնպէս խօսած է  բանակաշինութեան ընթացքին, Հայաստանի դէմ ծառացած արտաքին մարտահրավերներուն  և սպառնալիքները միասնաբար չէզոքացնելու հիմնական բանաձևերուն, երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան միջոցառումներուն, զինուած ուժերու առօրեայ  գործունէութեան մասին: Նախարար Օհանեան նաեւ  պատասխանած  է երիտասարդներու  հարցերուն: Հնչակեան  երիտասարդները  նախարար Սէյրան Օհանեանին վստահեցուցին, որ իրենք մշտապէս Հայոց բանակի կողքին են: