image

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի այցը՝ Բերիոյ Թեմի առաջնորդարան

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի այցը՝  Բերիոյ Թեմի  առաջնորդարան

Օրերս, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան այցելած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր ծանօթացած է եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներուն արժէքին։ Այնուհետեւ, ան այցելած է Ազգային Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետին կողմէ։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, պատուիրակութեամբ այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր շրջագայելով  ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներուն արժէքին։ 

ՀՄԸՄ-ի Կեդր. վարչութեան ատենապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան, Լաթաքիոյ Յարաբերական յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Լաթաքիոյ անդամ եղբ. Յարութ Գաբրիէլեան եւ Շրջ. Վարչութեան անդամներ, նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. բժշկ. Արամ Աւետիսեան։ 

Այցելուները եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։

Այնուհետեւ, կեդր. վարչութեան ատենապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ  գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան։ 

Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն։ Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայակերտումի ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին տարած գործունէութեան, յատկապէս ներկայ մարտահրաւէրներուն մէջ։

Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան սերունդներ կերտելու աշխոյժ գործունէութեան, գնահատեց միութեան պատասխանատուները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն։