16 դեկտեմբերին, Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէն ԱՀ Պաշտպանութեան Բանակին փոխանցուած է, որ նախնական տեղեկութիւններով, Հին Թաղեր-Խծաբերդ ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն մերձակայ տարածքին մէջ յայտնաբերուած է 9 հայ զինծառայողի մարմին, որոնց զոհուելու հանգամանքները տակաւին անյայտ են, կը յայտնեն ՊԲ-էն:
Այժմ կ'իրականացուին անհրաժեշտ գործողութիւններ զինծառայողներուն զոհուելու հանգամանքներն ու անոնց ինքնութիւնը պարզելու համար։