Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (Armenian Missionary Association of Canada - AMAC) կը հրաւիրէ հանրութիւնը լուսաբանիչ դասախօսութեան մը՝ «Հին Հայաստանի վանքերն ու եկեղեցիները» խորագրով, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ (2600 14th Avenue, Markham, Ontario)։
Պիտի դասախօսէ միջազգային համբաւ ունեցող ճարտարապետ Ռոլանտ Արթուր Ալթուն, որ Ամերիկայի ճարտարապետներու ինստիտուտի (AIA) նախկին նախագահն է եւ եօթը գիրքերու հեղինակ։ Պարոն Ալթուն իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը բացայայտէ հինգերորդ դարէն մինչեւ տասնչորրորդ դարերու ընթացքին կառուցուած քառասունմէկ հին հայկական վանքերու ճարտարապետական եւ հոգեւոր նշանակութիւնը։
«Այս վանքերը Եւրոպայի ամենանշանաւոր տաճարներէն շատ աւելի կանուխ գոյութիւն ունեցած են», կը բացատրէ Ալթուն, որուն աշխատանքը հիմնուած է դէպի Հայաստան եւ Արցախ տասնութ հետազօտական այցելութիւններու վրայ։ Այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին, ան լուսանկարած է այս առանձնայատուկ սուրբ վանքերը՝ ստեղծելով յետընթացս յուշարձանային ժողովածու մը։
«301 թուականին Հայաստան դարձաւ առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօն։ Հետագայ դարերուն հայեր սուրբ ճարտարապետութեամբ զարդարեցին իրենց հայրենիքի բնապատկերը եկեղեցիներով եւ վանքերով, , որոնք կը մնան խորհրդանիշ հաւատքի եւ մշակութային ինքնութեան։ Մինչ Հայաստան լայնօրէն ճանչցուած է որպէս առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է, անոր ներդրումը համաշխարհային եկեղեցական ճարտարապետական զարգացման մէջ աւելի նուազ յայտնի է», կը յայտնէ Հայ աւետարանչական ընկերացութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ձեռնարկի մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել տոքթ. Անի Հասըրճեանին հետ։
Torontohye/Թորոնթոհայ