image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Զինուած ուժերու համար նախատեսուած նոր համազգեստը հաշուի պիտի առնէ ՆԱԹՕ-ի չափորոշիչները․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

ՀՀ Զինուած ուժերու համար նախատեսուած նոր համազգեստը հաշուի պիտի առնէ ՆԱԹՕ-ի չափորոշիչները․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Հայկական բանակի համար նախատեսուած նոր համազգեստը հաշուի պիտի առնէ ՆԱԹՕ-ի չափորոշիչները։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ 

Դեռ նախորդ տարուան նոյեմբերին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարած էր, որ բանակին մէջ նախաձեռնուած է համազգեստի փոխարինման գործընթացը, եւ միջազգային գործընկերներու հետ աշխատանք կը տարուի։

«Նոր համազգեստի ընտրութեան հարցում ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն առաջնորդւում է միջազգային փորձի փոխանակման միջոցով իրականացուող ուսումնասիրութիւնների եւ ՆԱԹՕ-ի չափորիշիչների համապատասխան։ Ուսումնասիրուել են ՆԱԹՕ անդամ երկրների՝ այդ թւում Միացեալ Նահանգների, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Չեխիայի համազգեստների օրինակները», -յայտարարած են գերատեսչութենէն։ 

Նոր համազգեստի ներդրումէն ետք պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, համաձայն որու բանակի մէջ գործող նմուշի համազգեստի վաճառքը պիտի արգիլուի։

Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը դեռ նախորդ տարի մրցոյթ յայտարարած էր՝ նպատակ ունենալով ներգրաւել բոլոր այն մասնագէտները, որոնք կրնան ներկայացնել ձեւաւորման եւ հագուստի որակի իրենց պատկերացումները։ Մրցոյթին հայկական քանի մը ընկերութիւն մասնակցած էր։ Անոնք անցած էին որակաւորման առաջին փուլը։ Բայց երկրորդ փուլին մասնակցելու համար յայտեր ներկայացուած էին միայն զօրքի մէկ տեսակի համար զինծառայողներու հագուստի ստեղծման համար։