ՀՀ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանը Միացեալ Նահանգներու մէջ քննարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, յայտնած է ՀՀ պաշտպանության նախարարութիւնը։
«Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած ուժերի Գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ-լեյտենանտ Էդուարդ Ասրեանը հոկտեմբերի 15-ին հանդիպումներ է ունեցել Պաշտպանական անվտանգութեան հարցերով համագործակցութեան գործակալութեան տնօրէն Մայք Միլլերի, Միացեալ Նահանգներու բանակի անվտանգութեան աջակցման հրամանատարութեան հրամանատար, բրիգադի գեներալ Ալեն Փեփերի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քարտուղարի միջազգային անվտանգութեան հարցերով տեղակալ, պաշտպանական քաղաքականութեան գրասենեակի տնօրէն Թրեսա Գուենովի հետ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են ՀՀ-ԱՄՆ պաշտպանական գործընկերութեան ներկայիս ընթացքին, առաջիկայ ծրագրերուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող շարք մը հարցեր։