ՀՀ նախագահի հրամանագրով Շուէտի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանը Սքանտինաւեան շարք երկիրներու մէջ դեսպան նշանակուած է։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է նախագահի հրամանագրերու բաժնին մէջ։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` Շվեդիայի Թագաւորութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանին համատեղութեան կարգով նշանակել Ֆինլանդիայի Հանրապետութիւնում, Նորվեգիայի Թագաւորութիւնում, Իսլանդիայում եւ Դանիայի Թագաւորութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան»,–ըսուած է հրամանագրին մէջ։
Աղաջանեանի նստավայրը պիտի շարունակէ մնալ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Աննա Աղաջանեանը նախագահի հրամանագրով Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է 2023 թուականի սեպտեմբեր 4-ին։