ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան նշած է բարեփոխումներու այն ուղղութիւնները, որոնց հարցով Երեւանը պատրաստ է աջակցելու Սուրիոյ։
Յունուար 27-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Ալ-Շայպանիի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Երեւանը պատրաստ է աջակցելու մարդասիրական եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտին մէջ։
«Sputnik Արմենիա»ն Արտաքին գործոց նախարարութենէն հետաքրքրուած է, թէ որու նախաձեռնութեամբ եղած է Կոստանեանի այցը, արդեօ՞ք ատոր կազմակերպման մէջ որեւէ կերպ ներգրաւուած եղած է Թուրքիան, ինչպէս նաեւ, թէ որ բարեփոխումներու ոլորտի մէջ Հայաստանը պատրաստ է աջակցելու Սուրիոյ։
Գերատեսչութենէն նշած են, որ արտաքին գործոց նախարարի այցը եղած է «բացառապէս հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ»:
Ատոր նպատակը Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան հետ կապերու հաստատումն է, երկու երկիրներու միջեւ աւանդական բարեկամական համագործակցութեան վերականգնումը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի խնդիրներու քննարկումը:
«ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի եւ Սիրիայի Արտաքին գործոց նախարար Ասադ Ալ-Շայբանիի միջեւ հանդիպման ընթացքում քննարկուել են Հայաստանի կողմից Սիրիային աջակցութեան տրամադրման հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս, երկրի սոցիալ-տնտեսական, հումանիտար եւ կրթամշակութային ոլորտներում ընթացող բարեփոխումների եւ յետպատերազմական վերականգնման համատեքստում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ ըստ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, սուրիական կողմը բարձր գնահատած է հայկական պատուիրակութեան այցը Դամասկոս: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շփումները շարունակելու շուրջ։