Հենրիխ Մխիթարեան կրնայ տեղափոխուիլ Մարսէյլ: Այս մասին կը յայտնէ «Матч ТВ»-ն: Ըստ հեռուստաալիքին` ֆրանսական ակումբի ներկայացուցիչները արդէն դիմած են խաղացողին այս առաջարկով:
«Матч ТВ»-ն նաեւ կը յայտնէ, որ Մխիթարեան դէմ չէ Ֆրանսայ կամ ԱՄՆ տեղափոխուելուն, եւ որ դժուար է սպասել որ ան կը տեղափոխուի ռուսական ակումբներ:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Հենրիխ Մխիթարեանը յայտարարած է, որ դուրս եկած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի խումբէն: