image

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ Պեվըրլի Հիլզի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի մօտ ցոյց եղած է

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ Պեվըրլի Հիլզի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի մօտ ցոյց եղած է

Հազարաւոր ցուցարարներ ապրիլ 24-ին հաւաքուած են Պեւըրլի Հիլզի մէջ տեղակայուած Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքի մօտ՝ յիշատակելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցն ու իրենց բողոքը ուղղելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որ մինչ օրս կ՚ուրանայ Հայոց  ցեղասպանութեան փաստը:

Միջոցառման անդրադարձած է CBSNews-ը՝ յատուկ շեշտելով այն իրողութիւնը, որ Ճօ Պայտըն ԱՄՆ-ի առաջին նախագահն է, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։

«2021 թուականէն Հայաստանը սահմանային հակամարտութեան մէջ է Ատրպէյճանի հետ, որուն կ՚աջակցի Թուրքիան, մինչդեռ շատ ցուցարարներ ըսին, որ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այնպիսի վայրերու վրայ, ինչպիսիք են Ուքրանիան եւ Մերձաւոր Արեւելքը»,- ըսուած է CBSNews-ի նիւթին մէջ:

CBSNews-ի հաղորդմամբ՝ ցոյցեր կազմակերպուած են նաեւ Հոլիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան» հատուածին մէջ։ Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի դպրոցները փակ էին՝ յիշատակի օրուան համար, քանի որ 2022 թուականին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսոմը օրէնք ստորագրած է, որ թոյլ կու տայ պետական դպրոցները փակել Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան կապակցութեամբ: