Այս տարի Ապրիլ 24-ին, լոյս տեսած է Արամ Անտոնեանի 1919 թուականին գրած գրքին թրքերէն թարգմանութիւնը՝ «Մեծ Ոճիր» խորագիրով, թարգմանուած պոլսահայ լրագրող Օհաննէս (Յովհաննէս) Քըլըչտաղիի կողմէ: Գրքին ենթավերնագիրն է՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը Հալէպի գաղթականներու տնօրինութեան գլխաւոր քարտուղար Նայիմ պէյի վկայութեամբ»։
Այս մասին «Արեւելք» տեղակացաւ համացանցէն:
Թարգմանուած գրքին առաջաբանը գրող, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կարեւոր աշխատութիւններու հեղինակ թուրք առաջադէմ պատմաբան Թանէր Աքչամ այս առթիւ իր դիմատետրեան էջին կը գրէ՝
«Նոր գիրք: Արամ Անտոնեանի «Մեծ Ոճիր» անմահ գործը, որ գրուած է 1919-ին, վերջապէս թրքերէնով՝ Օհաննէս Քըլըչտաղիի հիանալի թարգմանութեամբ։ Ժամանակն է թարգմանել այն նաեւ անգլերէնի:
Ես չեմ կրնար պէտք եղած չափով արտայայտել իմ ուրախութիւնը: Արամ Անտոնեանի անմահ գործը՝ «Մեծ Ոճիր» վերջապէս թրքերէնով է Օհաննէս Քըլըչտաղիի հիանալի թարգմանութեամբ։ Ես յատկապէս նախաբանը գրած եմ բացատրելու, թէ ինչու այս գործը անմահ է։
Այս գիրքի առաջաբանին մէջ Արամ Անտոնեան գրած է, թէ գիրքը «ձայն տալու համար է նահատակներուն, որոնք կը բացակային հայ նահատակութեան նուիրուած գրականութեան մէջ»։
Գիրքի ամէնէն կարեւոր վկան է Օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ Էֆենտին։ 1983-էն ետք թրքական իշխանութիւնները եւ ժխտողական ողջ հասարակութիւնը ետեւ ետեւի գիրք գրեցին պնդելու, որ Արամ Անտոնեանի գրութիւնները կեղծ են, իսկ այնտեղ ներկայացուցած փաստաթուղթերը՝ կեղծիք: Անոնց փաստարկները հիմնուած էին երեք կէտի վրայ.-
Ա) Նայիմ էֆենտի անունով մարդ գոյութիւն չունի:
Բ) Մարդը, որ գոյութիւն չունի, չի կրնար գրել յուշերու գիրք: «Ցոյց տուէք մեզի բնօրինակ յուշագրութիւնը, եթէ ան իսկապէս գրած է այդ»։
Գ) Այնտեղ ներկայացուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրները կեղծիք են։
Երկար տարիներ Օսմանեան արխիւները մնացին «փակ»: Եւ երբ սկսան փաստաթուղթեր հրապարակել, շատ քիչ բան հրապարակեցին։ 2010-ականներէն ետք հետազօտողներուն հասանելի փաստաթուղթերուն թիւը զգալիօրէն աւելցաւ:
2016-ին, «Սպաննութեան հրամաններ» իմ գիրքովս ես ցոյց տուի, որ եթէ ինչ որ կեղծ եւ կեղծիք կայ, այդ իրենց փաստարկներն են:
Նայիմ էֆենտի անունով մարդ եղած է։ Օսմանեան պաշտօնական փաստաթուղթերը գոյութիւն ունին, ներառեալ 1916-ին անոր իսկ վկայութիւնները:
Իսկ Օսմանեան արխիւի փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Թալիաթ փաշայի հեռագիրները կեղծ չեն։
Անտոնեանի գիրքը այժմ հայերէն բնագիրէն թարգմանուած է թրքերէնի։
Շնորհակալութիւն Օհաննէս թարգմանութեան համար: Շնորհակալութիւն Արաս հրատարակչատուն այս գեղեցիկ աշխատանքին համար։
Այս գիրքը պէտք է թարգմանուի նաեւ անգլերէնի, եւ եթէ թարգմանութեան ծախսերը հոգացող մը ըլլայ, ես պատրաստ եմ հրատարակել այն անգլերէնով»։