image

Հայկազեան համալսարանի բարօրութեան ի խնդիր. Կարեւոր հաւաք Փարամըսի մէջ

   Հայկազեան համալսարանի բարօրութեան ի խնդիր. Կարեւոր հաւաք Փարամըսի մէջ

Օրերս, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան այցելած է Նիւ Ճըրսիի Փարամըս  շրջանի  Հայ Երիցական եկեղեցին (APC) եւ ելոյթ ունեցած  է «Հայկազեան համալսարանի  առաքելութիւնն ու նախաձեռնող դերը Լիբանանի հայ կեանքի ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին  ներքոյ» թեմայով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ    ԱՀԱԸ-ի դիմատետրի էջէն։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այդ իւրայատուկ  հանդիպման ընթացքին  բացման խօսքով հանդէս  եկած է  Հայ Երիցական եկեղեցւոյ  պատասխանատու Վեր.  Ժոզէֆ Կարապետեա,  եւ խօսքեր արտասանած են  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ-AMMA) խորհուրդի անդամ,  Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ՝ Սերժ Պչաքճեան։

Իր հերթին ԱՀԱԸ-ի խորհուրդի անդամ, դոկտ. Միքայէլ Ոսկեան պատմած է «Հայկազեան համալսարանի եւ ԱՀԱԸ-ի գեղեցիկ եւ միահիւսուած յարաբերութիւններուն մասին»: Ան նշած է, թէ ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը եւ ԱՀԱԸ-ն նիւթապէս նպաստած են համալսարանին, որպէսզի հայ եւ   տեղացի ուսանողներ կրթութիւն ստանան: 

Կը նշուի նաեւ, որ Դոկտ. Ոսկեան, որպէս ԱՀԱԸ-ի ներդրումային կոմիտէի նախագահ կը ղեկավարէ Հայկազեան համալսարանի նուիրատուութեան հիմնադրամը, որ բոլոր կատարուած նուիրատուութիւնները ուղղակի կ'ուղարկէ Հայկազեան համալսարան:

 Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի  բարձր  եւ անմնացորդ ճիգերով ղեկավարուող Հայկազեան համալսարանը հիմնադրուած է 1955-ին, ԵՒ ԱՅՆ  սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնն է: