image

Հայերէն սորվեցնել ամէնուր եւ բոլոր միջոցներով. Անդրադարձ ՀԲԸՄ-ի «Առցանց գոլէճ»ին (Տեսանիւթ)

Հայերէն սորվեցնել ամէնուր եւ բոլոր միջոցներով. Անդրադարձ ՀԲԸՄ-ի  «Առցանց  գոլէճ»ին (Տեսանիւթ)

Հայկական  Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համացանցային համալսարանը (Virtual college) հսկայական գործունէութիւն կը տանի հայերէն լեզուն դասաւանդելու  առընթեր։ 

Օրերս «Հայերն այսօր» դիմատետրեան էջը անդրադարձ կատարած է հայկական համացանցային (Virtual) համալսարանի առօրեային մասին: 

Հայկական համացանցային համալսարանի ուսանողները ամէն բանէ առաջ հայերէն լեզուով «Ես ընտանիք ունիմ» նախադասութիւնը կը սորվին: Բջիջային հեռաձայններու համար նորաստեղծ այս ծրագրով կարելի է սորվիլ մեր լեզուի,  թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն:

«Մենք դասի կը հրաւիրենք , ուսանողը դասը կ՛ընէ, տան մէջ  կը սորվի, եւ յետոյ «Skype»-ի կամ «Zoom»-ի միջոցաւ կապ կը հաստատենք անոր հետ եւ միասին դասը վերաքաղ կ՛ընենք: Կը խօսինք երկխօսութիւններու եւ կենդանի ներկայացումներու մասին»,- կ'ըսէ հեռավար դասախօս՝ Անի Տէյիրմէնճեան:

Այսպէս, ամբողջ աշխարհէն կը կապուին Երեւանին  մէջ հաստատուած  «Վիրթչուըլ գոլէճ»ի կեդրոնին հետ, որպէսզի հայերէն սորվին եւ ծանօթանան հայկական մշակոյթին ու պատմութեան: Հայկական համացանցային համալսարանի առաքելութիւնն է սփիւռքի եւ, հայրենիքի մէջ ապրող մարդոց տալ հայկական համապարփակ կրթութիւն` անկախ տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն:

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային համալսարանի կրթաան բաժնի ղեկավար՝ Մարինէ Խաչատուրեան կը նշէ,- «Կը զարգանանք թէ՛ արհեստագիտականօրէն եւ թէ՛ բովանդակային իմաստով, որովհետեւ միշտ փոխոխութեան մէջ են մօտեցումներն ու պահանջները: Այսօրուան աշակերտը եւ 10 տարի առաջուան աշակերտը ունին բոլորովին տարբեր ունակութիւններ եւ պահանջներ»:

 

 

Հայկական համացանցային համալսարանէն ներս կը դասաւանդեն սփիւռքահայ եւ տեղաբնակ ուսուցիչներ եւ ուսանողներուն համապարփակ կրթութիւն տալու համար ուսուցիչները կը վերապատրաստուին, կը տիրապետեն քանի մը լեզուներու, որպէսզի ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայերուն հայերէն սորվեցնեն։

 

 

«Կը դասաւանդենք եօթը լեզուներով,  անգլերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով, ռուսերէնով, թրքերէնով, եւ անշուշտ արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով: Մեր նպատակն է տարախօս ուսանողներուն հասնիլ եւ մեր լսարանը աճեցնել»,-կ'ըսէ հեռավար դասախօս՝  Զեփիւռ Ղպլիկեան:

Համալսարանի ընդմէջէն հայերէնը կը սորվին ներգործօն միջոցներով: Մասնագէտները ստեղծած են այնպիսի գիրքեր, ուր կարելի է գտնել նկարներ, տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ:  Ղպլիկեան  կ՛ըսէ, թէ ուսանողները հիմնականօրէն դժուարութեամբ կը սորվին հայերէնի ուղղագրութիւնը: «Կը փորձենք հասկցնել, որ ուղղագրութիւնը այնպէս չէ, որ մէկ օրուայ մէջ կարելի է սորվիլ, այլ ընթացքին կ'ըլլայ եւ իրենք կը տեսնեն այդ առաջացումը: Այսինքն մէկ երկու դասով չէ, որ այդ ուղղագրութիւնը կը բարելաւուի, այլ յարաատեւ պէտք է աշխատիլ»:  

Արեւմտահայերէն կը սորվին նաեւ Հայաստանի մէջ ապրողները: Անոնք կ՛ըսեն, թէ վերջին շրջանին ձեռք բերած են արեւմտահայ ընկերներ եւ կ՛ուզեն զանոնք լաւ հասկնալ: 

Հայկական համացանցային համալսարանը իր գործունէութեան 18 տարիներու ընթացքին ստեղծած է համացանցային համայնք մը, ուր ամբողջ աշխարհէն կը ստանան հայագիտական կրթութիւն` ստեղծելով նոր բովանդակութիւն։

 

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  ՀԲԸՄ-ի  նեցուկով հիմնադրուած  «Առցանց գոլէճ»ի հիմնադիրը եւ  գոլէճին   ուղղութիւն եւ ոգի փոխանցող  անձնաւորութիւնն է մեր ընթերցողներուն  քաջածանօթ անուն   հանդիսացող  եւ  հասարակութեան  կողմէ  յարգուած անձնաւորութիւն  հանդիսացող դոկտ. Երուանդ Զօրեան