image

Հայաստանը յաղթող հռչակուեցաւ զբօսաշրջութեան ոլոտին մէջ

Հայաստանը յաղթող հռչակուեցաւ զբօսաշրջութեան ոլոտին մէջ

Հայաստանն արժանացած է 2025 թուականի «World Travel Awards» (WTA) մրցանակին «Եւրոպայի լաւագոյն մշակութային ժառանգութեան ուղղութիւն» անուանակարգին մէջ։

Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»ն։

Հայաստան մեծ յաջողութիւններու հասած է «Ուորլտ թրավըլ ըվոթս»ի մէջ (աշխարհի ճամբորդութեան մրցանակաբաշխութիւն), որ աշխարհի ամենահեղինակաւոր զբօսաշրջութեան մրցանակաբաշխութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ։

Հայաստան առաջին տեղը գրաւեց «Եւրոպայի լաւագոյն մշակութային ժառանգութեան ուղղութիւն» անուանակարգի մէջ։

Այս մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի 1993 թուականէն ի վեր։ Ան ճանաչում կը բերէ կազմակերպութիւններուն եւ երկիրներուն՝ զբօսաշրջութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտներու մէջ իրենց գերազանց աշխատանքի համար։

Մրցանակները կ'որոշուին թէ՛ փորձագիտական դատակազմի, թէ ոլորտի մասնագէտներու քուէարկութեամբ եւ յաճախ կ'անուանուին «զբօսաշրջութեան ոլորտի օսքար»։