image

Հայաստանը եւ Յունաստանը նոր լիցք պիտի հաղորդեն ռազմական համագործակցութեան

Հայաստանը եւ Յունաստանը նոր լիցք պիտի հաղորդեն  ռազմական համագործակցութեան

Մարտի 4-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիասը։

Պապիկեան առանձնազրոյց ունեցած է Տենտիասի հետ, որուն յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։

Հայաստանի ու Յունաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած են երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագրի վաւերացումէն ետք նոր լիցք հաղորդել ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան։

«Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են Հայաստանի ու Յունաստանի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառում համագործակցութեան ներկայիս ընթացքը, 2023 թուականի դեկտեմբերին Աթենքում տեղի ունեցած բանակցութիւնների ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, նախանշուել են համագործակցութեան մի շարք նոր ուղղութիւններ»,-ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Պապիկեանն ու Տենտիասը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ: