Իրանի Զանճան նահանգի տնտեսական նիստի ընթացքին Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին յայտարարած է, որ հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումն Իրանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր մօտեցումներէն է, գրած է IRNA-ն։
Կարեւորելով Զանճան նահանգի հետ տնտեսական հնարաւորութիւնները՝ դեսպանը շեշտած է, որ այս հնարաւորութիւնները կրնան ամրապնդել Հայաստանի հետ առեւտրային յարաբերութիւնները։ Նշելով, որ Հայաստանի հետ Իրանի ապրանքաշրջանառութեան առեւտրային արժէքը հասած է աւելի քան 700 միլիոն տոլարի, Սոպհանին ընդգծած է, որ իրենց նպատակն է այդ ծաւալը հասցնել 3 միլիառ տոլարի։
Դեսպանը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան իր անդամակցութեամբ կը հանդիսանայ Իրանի դարպասը դէպի 200 միլիոնանոց շուկայ, եւ վստահեցուցած է, որ Իրանի մէջ արտադրողները ուժ եւ հնարաւորութիւն ունին իրենց խօսքը ըսելու այս շուկային մէջ: