image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դէմ է Սահմանադրութեան փոփոխման

Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դէմ է Սահմանադրութեան փոփոխման

Յունուար 19-ին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Հայաստանը կարիք ունի նոր Սահմանադրութեան: Ըստ Ձեզի՝ արդեօք անհրաժե՞շտ է փոփոխութիւններ կատարել կամ լիովին նոր Սահմանադրութիւն ընդունիլ. այս հարցի պատասխանը փորձած է պարզել «GALLUP International Association»-ը Հայաստանի մէջ իրականացուցած հարցումներով։

Հարցման մասնակիցներու 38,1%-ը նշած են, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չի կրնար փոխուիլ, 34,2%-ը չեն բացառած փոփոխութիւնները որոշ դրոյթներու մէջ, 13,4%-ը կողմ արտայայտուած է նոր Սահմանադրութեան ընդունման։

Հարցախոյզը կայացած է յունուարի վերջաւորութեան, իսկ արդիւնքները հրապարակուած են այսօր՝ 6 փետրուարին։

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը անհրաժեշտ համարած է հարցուածներու 29,3%-ը, դէմ է 26,9%-ը։

Եթէ ընտրութիւնները կայանան յաջորդ կիրակի, ապա հարցուածներու 16.1%-ը պատրաստակամութիւն յայտնած են քուէարկելու Փաշինյանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին, 4.7%-ը՝ ՀՀ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքին, 3,6 տոկոսը՝ հետախուզման մէջ գտնուող ոստիկանութեան նախկին աշխատակից, «Հանրային ձայն» կուսակցութեան նախագահ Վարդան Ղուկասեանի, «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքը՝ ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ստացած է ձայներու 2,9 տոկոսը։

Հարցուածներու 25,8%-ը չուզեր մասնակցիլ ընտրութիւններուն։