image

Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի բաժներ ընդդիմութեան տեսակէտները.ՍԴՀԿ ԱՄՆ Վարիչ Մարմին

 Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի բաժներ ընդդիմութեան տեսակէտները.ՍԴՀԿ ԱՄՆ Վարիչ Մարմին

  

Յարգելով Սփիւռքի   տարբեր հատուածներու  տեսակէտը հանրութեան  հասցընելու   մեր   հին-նոր սկզբունքը ստորեւ  կը ներկայացնենք  ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնին կողմէ  օրերս  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, միշտ նշելով, որ այնտեղ  տեղ   գտած մօտեցումները    անպայման  չէ, որ կը  համապատասխանեն «Արեւելք»ի    ունեցած  տեսակէտներուն։

 

Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս եւ Ամերիկահայութիւնը մասնաւորապէս մօտէն կը հետեւին Հայրենիքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ուր խումբ մը ընդդիմադիրներ`հանրահաւաքներու, երթերու եւ փողոցային այլ միջոցառումներու միջոցաւ կը փորձեն հասնիլ վարչապետի ու կառավարութեան հրաժարականին։ Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները օգտագործելով, բողոքարարները առիթ կ՛ունենան ազատօրէն արտայայտելու իրենց տեսակէտները ու զանոնք հասցնելու ժողովուրդին։ Սակայն, շատ յաճախ նոյն այդ ցուցարարները կը խախտեն իրենց տեսակէտները չբաժնող քաղաքացիներու իրաւունքները, միջադէպեր կը ստեղծեն իրաւապահներուն հետ, իսկ հարթակէն կը հնչեն այլակարծութիւնը ժխտող, մարդկային արժանապատւութիւնը վիրաւորող ու ատելութիւն սերմանող ելոյթներ։

 

Անցնող մօտ մէկ ամսուայ ընթացքին ընդդիմութեան գործողութիւնները եկան աւելի քան յստակ դարձնելու, որ Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի բաժներ իրենց տեսակէտները։ Շատեր նոյնիսկ կը պահանջեն, որ իշխանութիւնները դիմեն աւելի  կտրուկ միջոցներու` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժելու իրենց իրաւունքը։

Վերջին օրերուն, ընդդիմադիր շրջանակները կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սփիւռքը կը սատարէ իրենց շարժումին եւ որոշ լրատուամիջոցներ ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն այդ ուղղութեամբ։

 

Ելլելով վերոյիշեալէն, կ՛ուզենք ընել հետեւեալ յստակացումները.

 

Ա. Սփիւռքը միատառ զանգուած չէ եւ չէ եղած երբեք։ Հոն կը գործեն տարբեր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ  ժողովրդային շերտեր: Հետեւաբար, որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Ամերիկահայութեան անունով:

Բ. ԱՄՆ-ի դեսպանին դէմ տարուող արշաւը եւ զինք ետ կանչելու պահանջները չեն ներկայացներ մեր կուսակցութեան եւ Ամերիկահայութեան մեծամասնութեան տեսակէտը։ Մենք կը գտնենք, որ ԱՄՆ դեսպանը լիովին կը կատարէ իր պաշտօնը եւ անաչառօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը։

 

Գ. Սփիւռքը, հակառակ իր ներքին բաժանումներուն ու տարակարծութիւններուն, անվերապահօրէն կանգնած է Հայաստանի պետականութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին։

 

Յարգելով Հայաստանի քաղաքացիին ընտրութիւնը, որ ան կատարեց տարի մը առաջ կայացած ազատ, արդար ու ժողովրդավար ընտրութիւններու միջոցաւ, մենք կը շարունակենք սատարել իշխանութիւններուն ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ համոզուած ենք, որ անոնք կը բխին Հայաստանի ու Հայութեան ընդհանրական շահերէն։

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 

Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

22 Մայիս, 2022