image

Հայաստանի որ յիշարժան վայրերը ընդգրուած են Եունեսքոյի ցանկին մէջ

Հայաստանի որ յիշարժան վայրերը ընդգրուած են Եունեսքոյի ցանկին մէջ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 47-րդ նստաշրջանին (Փարիզ) քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած են Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 2 յայտերը՝ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը», «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:

Յայտերը պատրաստուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան համակարգմամբ եւ պատուէրով՝ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոն», «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ներու կողմէ՝ համապատասխան գիտնականներու ներգրաւմամբ:

Նստաշրջանը կ՚ընթանայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ յուլիսի 6-16-ը: ՀՀ պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արամ Յակոբեանը: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն նստաշրջանին կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեանը՝ որպէս 1972 թուականի համաձայնագրի համակարգող։

Նշենք, որ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ ՀՀ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ «Քարերու սիմֆոնիան»» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի կողմէ գրանցուող 6-րդ եւ 7-րդ յայտերն են: Առաջին 4-ը գրանցուած են 1995 թուականին. ատոնք են՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովտի յարակից տարածքները, 5-րդը՝ 2024 թուականին՝ Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տեղամասը (ցանկերուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղմամբ՝ https://whc.unesco.org/en/statesparties/am։

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ Հայաստանէն գրանցուած են Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ յուշարձանի գրանցումը պարտադիր եւ նախնական պայման է՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ նոր յուշարձաններ գրանցելու համար: Այս ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակական է։