image

Հայաստանի մէջ ոստիկանը եւ փրկարարը պէտք է դառնան ամենավստահելի մարդիկ. Սեւանայ լիճին մէջ գործարկուած է Ջրային պարեկային ծառայութիւնը

Հայաստանի մէջ ոստիկանը եւ փրկարարը պէտք է դառնան ամենավստահելի մարդիկ. Սեւանայ լիճին մէջ գործարկուած է Ջրային պարեկային ծառայութիւնը

Պարեկային ոստիկանութեան մէջ պէտք է շատ ուժեղ պահեստ ձեւաւորուի, Փրկարար ծառայութեան, ինչպէս եւ ոստիկանութեան ծառայելը պէտք է ըլլայ ամենահեղինակաւոր աշխատանքներէն մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջրային պարեկային ծառայութեան գործարկման միջոցառման, յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Ըստ էութեան, մենք սրանով արձանագրում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում իրաւակարգը գործում է բոլոր տեղերում, բոլոր անկիւններում: Այս առումով, շատ կարեւոր է այս նոր ծառայութեան գործարկումը, որը նոր է նոյնիսկ նոր ստեղծուած Պարեկային ոստիկանութեան մէջ, որովհետեւ ծառայութիւնը հիմնականում կապուած է լինելու Սեւանայ լճի վրայ եւ ափամերձ տարածքներում իրականացուող իրաւապահ գործունէութեան հետ»,– ըսած է Փաշինեան։

Փաշինեան նաեւ ըսած է, որ ներքին գործոց նախարարութեան տրամաբանութեան մէջ առաջիկային պէտք է իրականացուին Քրէական ոստիկանութեան, Համայնքային ոստիկանութեան բարեփոխումներ, պէտք է հիմնուի Ոստիկանութեան պահակախումբ, ներքին գործոց նախարարութեան ակադեմիան նոր որակ եւ շունչ ստանայ:

Առաջիկային կը սպասուի նաեւ Պարեկային ոստիկանութեան ծառայութեան հետ կապուած Օփերաթիւ կառավարման կեդրոնի շինարարութեան աւարտը եւ բացումը:

Նշենք, որ Ջրային պարեկային ծառայութեան գործարկման միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Նշենք, որ Պարեկային ծառայութեան մասնագիտական ստորաբաժանման ծառայողներուն հետ Սեւանայ լիճի մէջ դասընթացներ իրականացուցած են Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքի ICITAP ծրագիրի ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հրահանգիչները։

Երեւան տեղափոխուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան ներքին գործոց նախարարութեան տրամադրած նաւերը, իսկ ամերիկացի գործընկերներուն հետ իրականացուած են ուսումնական գործընթացներ եւ միաւորներու մշակումներ։

Անհրաժեշտ մնացեալ գոյքը՝ նաւեր, շարժանիւներ, ռատիօկապի միջոցներ, ջրային սարքերու տեղափոխման համար նախատեսուած ծառայողական ամենագնացներու ձեռքբերումը, ինչպէս նաեւ շէնքերու կառուցումն ու կահաւորումն իրականացուած է եւ պիտի իրականացուի պետական պիւտճէի միջոցներով։