image

Հայաստանի մէջ նոր գիւղ պիտի կառուցուի

Հայաստանի մէջ նոր գիւղ պիտի կառուցուի

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ նոր գիւղ պիտի կառուցուի: Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով Կապսի ջրամբարի շինարարութեան:

Կապսի ջրամբարի կառուցման առումով վարչապետը կարեւորեց ջրային աղբիւրներու արդիւնաւէտ կառավարումը: «Այնտեղ մենք առաջին անգամ Հայաստանի պատմութեան մէջ, ըստ էութեան, նոր գիւղ ենք կառուցելու եւ շատ կարեւոր է որ այս նախագիծը շատ յաջող ընթանայ, եւ մենք 21-րդ դարի գիւղի մոտել կարողանանք այնտեղ ներդնել, քաղաքաշինական նոր մշակոյթ ձեւաւորենք, որը կը համապատասխանի մեր այսօրուայ ակնկալիքներին եւ պահանջներին», ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:

Նշենք, որ կառավարութիւնը 13,3 միլիառ դրամ յատկացուց Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան` երեք մեծ ծրագրերու իրականացման համար: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Կապսի ջրամբարին: