image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ մարտավարական ռազմափորձեր. Մասնակցութեամբ 7500 զինուորներու

Հայաստանի մէջ մարտավարական ռազմափորձեր. Մասնակցութեամբ 7500 զինուորներու

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու պատրաստութեան 2021-ի առաջին կիսամեակի ծրագրի համաձայն, մարտ 16-էն 20-ը ՀՀ զինուած ուժերու բոլոր ուղղութիւններով պիտի կայանան մարտավարական եւ մարտավարամասնագիտական համատեղ զօրավարժութիւններ, համազօրային, զօրատեսակներու եւ յատուկ զօրքերու ստորաբաժանումներու ընդգրկմամբ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զօրավարժութիւններու նպատակն է՝

- ստուգել զօրքերու մարտունակութիւնը, օփերաթիւ օղակի կառավարման կարողութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ արագ գործելու ունակութիւնները,

- ճշդել հաստիքային, տրուած եւ աջակցող ուժերու ու միջոցներու փոխգործակցութեան հարցերը,

- իրականացնել ստորաբաժանումներու եւ կրակի կառավարման մարզումներ՝ մարտավարական դրուագներու խաղարկմամբ, ինչպէս մարտական, այնպէս ալ ոչ մարտական հրաձգութիւններով:

Մարտավարական եւ մարտավարամասնագիտական զօրավարժութիւններուն պիտի ընդգրկուին շուրջ 7500 զինծառայող, շուրջ 200 հրթիռային, հրետանային, աւելի քան 150 հակաթանկային միջոցներ, շուրջ 100 զրահամեքենայ, աւելի քան 90 հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ: Զօրքերու մարտավարական գործողութիւններուն աջակցելու համար զօրավարժութիւններուն պիտի ներգրաւուին նաեւ օդային յարձակման միջոցներ: