Յունուար 3-ի երեկոյեան, 3-ի լոյս 4-ի գիշերը եւ առաւօտեան, հանրապետութեան բոլոր ճանապարհներուն կը սպասուի մերկասառոյց։
Հանրապետութեան տարածքին՝ յունուար 2-ի ցերեկը՝ Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մէջ կը սպասուի ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ զգալի: Յունուար 3-7-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ հիւսիսարեւմտեան՝ 2-5մ/վ, յունուար 2-ի ցերեկը, լեռնային մարզերու առանձին գօտիներու մէջ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մ/վ, բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։
Օդի ջերմաստիճանը յունուար 3-4-ը հանրապետութեան ողջ տարածքին գիշերը պիտի նուազի 14-18 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ՝ յունուար 2-ի ցերեկը, յունուար 3-7-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: