image

Հայաստանի մէջ՝ անձրեւային եղանակ

Հայաստանի մէջ՝ անձրեւային եղանակ

Երեւանի մէջ մարտ 19-ի ցերեկը, 20-22-ին կը սպասուի անձրեւ, հնարաւոր է ամպրոպ։ Մարտ 23-24-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։  

Մարզերուն մէջ մարտ 19-ի ցերեկը, 20-22-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ, 23-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններու մէջ յատկապէս գիշերը ձիւնի տեսքով, մարտ 19-22-ին՝ առանձին շրջաններու մէջ տեղումները պիտի ըլլան առատ։

Մարտի 24-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Քամին՝ հարաւարեւմտեան, 2-5մ/վ: Մարտ 19-ի ցերեկը, 20-21-ին առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-19 մ/վ։

Օդի ջերմաստիճանը մարտ 19-ին՝ յատկապէս ցերեկային ժամերուն պիտի նուազի 10-12 աստիճանով։