«Այն պարագային, երբ մենք կը խօսինք լուրջ գործընթացներու մասին, ապա հնարաւոր է ապահովել Ռուսաստանի ներկայութիւնը, բայց այստեղ կարեւոր է Հայաստանի կարծիքը: Առաջին հերթին Հայաստանը պէտք է լուծէ այս խնդիրները, եւ ոչ ոք այդ չըներ Երեւանի փոխարէն: Եթէ Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնները չեն կրնար զբաղուիլ այդ խնդիրներով, ապա անոնք պէտք է փոխարինուին այդ գործին ընդունակ ուժերով: Սա պետութեան պաշտօնական պարտականութիւնն է»,- ըսած է ան:
Փութինի դիրքորոշումը ամբողջ իրավիճակի վերաբերեալ, ինչպէս նշած է Զատուլինը, յաճախ որպէս անձնական աջակցութիւն կ'ընկալուի Փաշինեանին, սակայն ամէն ինչ այդքան ալ միանշանակ չէ:
Պատգամաւորը խոստովանած է, որ ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններու օրօք չի մեկնիր Երեւան` «որեւէ մէկուն անյարմար դրութեան մէջ չդնելու համար»:
«Ես այդ իշխանութեան սկզբունքային քննադատն եմ: Միեւնոյն ժամանակ, կրնամ ըսել, որ հայ ժողովուրդը բազմիցս ապացուցած է, որ մոխիրէն վերածնիլ գիտէ: Համոզուած եմ, որ այդպէս կ'ըլլայ նաեւ այս անգամ: Եւ որքան շուտ այդ տեղի ունենայ, այնքան աւելի լաւ: Ռուսաստանը չի կրնար խառնուիլ Հայաստանի ներքին գործերուն, բայց հարցեր կան որ զիս կ'անհանգստացնեն՝ Սիւնիքի միջով ինչ-որ միջանցքներ ճեղքելու ցանկութեան հետ կապուած եւ այլն: Ստորագրել կարելի է որեւէ բան, բայց հարցը այն է, թէ ինչ մթնոլորտի մէջ այդ կը կատարուի: Չեմ կարծեր, որ այս կէտերը պէտք է առաջ քաշել Էնվերի մասին յայտարարութիւններուն զուգահեռ եւ այլն: Ճանապարհներ բանալ եւ այլն հնարաւոր է, բայց` բոլորովին այլ միջավայրի մէջ, սակայն եթէ այդ չկայ, ես այդ հարցով չէի շտապեր»,- շեշտած է ան:
Զատուլինը յիշեցուցած է նաեւ, որ ռուսական կողմէն յայտարարութիւններ եղած են ահաբեկիչներու վերաբերեալ Արցախի մէջ: «Պէտք է նախ հասկնալ, թէ ինչ տեղի ունեցած է այնտեղ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային քայլեր ընել` անկախ ամէն ինչէ: Լուրեր կամ ծրագրեր կան Արցախի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքները սուրիացի ահաբեկիչներով բնակեցնելու մասին, այդ շարքին` ԻՊ-ի շարքերուն մէջ կռուածներով»,- եզրափակած է պատգամաւորը: