image

Կապանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանի բացումը կ՚ուշանայ. Իշխանութիւնները լուռ են

Կապանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանի բացումը կ՚ուշանայ. Իշխանութիւնները լուռ են

Հայաստանի իշխանութիւնը չի յայտներ Սիւնիքի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման ձգձգման պատճառը։ Նման եզրակացութեան կարելի է յանգիլ «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցման պատասխանէն։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած էր`ռուսական կողմին պէտք չէ համոզել, որ ՀՀ Սիւնիքի մարզի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքն արագ սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ։ Ան նշած էր, որ առայժմ Կապանի մէջ ռուսական գլխաւոր հիւպատոսութիւն չկայ։ Իսկ թէ ինչու չկայ, պաշտօնական պարզաբանումներու համար պէտք է դիմել հայկական կողմին։

«Sputnik Արմենիա»ն գրաւոր հարցմամբ դիմած էր ՀՀ վարչապետին`հետաքրքրուելով, թէ ինչ փուլի մէջ է գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը, ինչն է ձգձգման պատճառը։ Լրատուականին պատասխանած են ոչ թէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն, այլ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

«Տեղեկացնում ենք, որ Ձեր կողմից բարձրացուած հարցերի շուրջ զարգացումների դէպքում հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի», -ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Սիւնիքի մարզին մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու հարցը կը քննարկուի շուրջ երեք տարի։ 2023-ի սեպտեմբերէն Կապանի մէջ կ՚աշխատի հիւպատոսութեան բացման նախապատրաստական աշխատանքներու համար պատասխանատու առաջատար խումբը: