Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 3-ին` Վիեննային մէջ, յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըճի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցսծ է Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ: Երկրորդ հանդիպումը կայացած է Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ: Իսկ 12 Մարտին, ատաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ դիւանագիտական համագումարի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիա արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: