image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջանցքը պէտք չէ արգելափակէ Իրանի մուտքն այլ տարանցիկ ուղիներ․ Արաքչի

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջանցքը պէտք չէ արգելափակէ Իրանի մուտքն այլ տարանցիկ ուղիներ․ Արաքչի

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախատեսուող փոխադրային միջանցքը պէտք չէ արգելափակէ Իրանի մուտքն այլ տարանցիկ ուղիներ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ յայտնած է Tesnim-ը։

Նախարարներու հեռախօսազրոյցի մասին օգոստոս 11-ին յայտնած էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն Իրանի նախարարի խօսքէն մանրամասնութիւններ չէր ներկայացուցած։

Ըստ իրանեան աղբիւրի, Արաքչին ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը։ Սակայն, արտայայտելով Իրանի մտահոգութիւնները, ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող եւ ԱՄՆ-ին Հայաստանի հարաւային հատուածով 99 տարի զարգացման վարձակալութեան իրաւունք տուող նոր միջանցքը պէտք չէ փոխէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը կամ կտրէ Իրանի կապն այլ ուղիներու հետ։

Արաքչին նաեւ ընդգծած է, որ որեւէ որոշում այդ հարցով պէտք է յարգէ բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անոր խօսքով՝ միջանցքի ստեղծման որեւէ ծրագիր պէտք է համապատասխանէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան պահանջներուն։

Միրզոյեանը Արաքչիին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի եւ նոր միջանցքի ստեղծման շուրջ վերջին զարգացումները։ Ան կարեւորած է աշխարհաքաղաքական զգայունութիւններու, տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ Իրանի փոխադարձ շահերու վերաբերեալ Թեհրանի դիրքորոշումը՝ հաւաստիացնելով, որ Երեւանը որեւէ որոշում կայացնելու ժամանակ հաշուի պիտի առնէ ատոնք։

Միրզոյեանը աւելցուցած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ Իրանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են բարիդրացիութեան եւ փոխադարձ շահերու վրայ։