Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ։ Կառավարութեան 22 յունիսի նիստի մեկնարկին այդ մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Հայաստանն Ադրբեջանին առաջարկել է անցկացնել նաեւ սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնաժողովի նիստ եւ նիստն անցկացնելու սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն կայ։ Հայաստանը պատարստ է նաեւ տրանսպորտային ու տնտեսական ապաշրջափակմանը՝ կողմերի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան ու փոխադարձութեան սկզբուքների ներքոյ»,-ըսած է ան։