image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին յաջորդ շաբաթ․ Փաշինեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին յաջորդ շաբաթ․ Փաշինեան

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ։ Կառավարութեան 22 յունիսի նիստի մեկնարկին այդ մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայաստանն Ադրբեջանին առաջարկել է անցկացնել նաեւ սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնաժողովի նիստ եւ նիստն անցկացնելու սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն կայ։ Հայաստանը պատարստ է նաեւ տրանսպորտային ու տնտեսական ապաշրջափակմանը՝ կողմերի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան ու փոխադարձութեան սկզբուքների ներքոյ»,-ըսած է ան։