Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի դէմ պատուաստուած է բժշկական ոլորտի աշխատողներուն 90,5 տոկոսը, այս մասին ըսաւ Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգիլման ազգային կեդրոնի վարակիչ ու ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններու համաճարակաբանութեան վարչութեան պետ Ռոմելլա Աբովեանը:
Ներկայացուցած վիճակագրութեան համաձայն՝ Հայաստանի մէջ 2020-ի Մարտէն մինչեւ 2021 Դեկտեմբեր բժշկական ոլորտի աշխատողներու շրջանակին մէջ գրանցուած է վարակման ընդհանուր 7481 դէպք, որմէ 31 տոկոսը կամ 2297-ը կը կազմեն բժիշկները, 43 տոկոսը կամ 3238-ը՝ բուժքոյրերը, 12 տոկոսը կամ 893-ը՝ մայրապետները, այլ աշխատողները՝ 14 տոկոս կամ 1053:
«90, 5 տոկոս բժշկական ոլորտի աշխատողներու ընդգրկուածութիւն ունինք պատուաստումներուն մէջ, որու արդիւնքով հիւանդացութեան եզակի դէպքեր կ'արձանագրուին: Արձանագրուած պարագաներուն հիմնականին մէջ աշխատողները պատուաստուած չեն», նշեց Աբովեան: