image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան նոր դաշնակիցներ կը փնտռէ. Հաստատում Արարատ Միրզոյեանէն

Հայաստան նոր դաշնակիցներ կը փնտռէ. Հաստատում Արարատ Միրզոյեանէն

Հայաստանը պէտք է փորձէ փնտռել նոր դաշնակիցներ՝ իր ապահովութեան հարցերը լուծելու համար, 2023 տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

«Առաւել եւս դա մեզ համար ակնյայտ էր եւ հրամայական էր այնպիսի աղէտից յետոյ, ինչպիսին էր 2020 թուականի պատերազմը եւ դրան յաջորդած իրադարձութիւնները: Մենք բախուեցինք մի իրավիճակի, երբ մեր դաշնակցային մեխանիզմները (գործիքակազմերը) մեր ակնկալիքները չարդարացրին: Յաճախ մեր կողմից հնչեցին գնահատականներ, որ մենք ականատես եղանք այդ մեխանիզմների չգործելուն: Առաւել եւս այս պայմաններում բնական է, որ մեր երկիրը պէտք է փորձի գտնել նոր դաշնակիցներ իր անվտանգային մտահոգութիւնները փարատելու եւ լուծելու ուղղութեամբ», ըսած է Միրզոյեան` հերքելով ապահովութեան այլ համակարգերուն վերաբերող փաստաթուղթերու ստորագրութեան մասին տեղեկութիւնը:

Այս պարունակին մէջ, Միրզոյեան նաեւ յիշեցուցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը, որ բարձրացուց սահմանին ապահովութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ գործընկերներու յայտարարութիւնները:

 

Միջանցքի մասով ոչ մէկ պարտաւորութիւն

«Որեւէ Միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանը պարտաւորութիւններ չի ստանձնել», նոյն ասուլիսին ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ անդրադառնալով անցեալ տարուան ընթացքին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերող անցուդարձերուն եւ վերիվայրումներուն՝ շեշտը դնելով ներկայ դրութեան վրայ։

Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կատարած յայտարարութեան՝ որ, եթէ «Զանգեզուրի միջանցքը» չբացուի, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ՝ Միրզոյեան  ընդգծած է, որ որեւէ միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւորութիւններ չէ ստանձնած 9 Նոյեմբերի կամ որեւէ այլ յայտարարութիւններու մէջ։

«Կրկին ու կրկին մեր մօտեցումը հետեւեալն է, Հայաստան ոչ միայն պատրաստ է, այլեւ շահագրգիռ է հասնել տարածաշրջանի տնտեսական, տրանսպորտային (փոխադրութեան) ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմանը: Ընդ որումը հարցը ոչ թէ նոյն Ադրբեջան -Նախիջեւան կապի մասին է, այլ ընդհանրապէս տարածաշրջանի ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման, որոնցից Հայաստանն էլ պէտք է օգտուի», ըսաւ ան:

Միրզոյեան նշած է, որ կարելի չէ հարցը շատ սահմանափակ կերպով դիտարկել: «Ենթակառուցուածքները պէտք է ապաշրջափակուեն` երկրների ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան նկատմամբ  ամբողջական յարգանքով: Մենք շարունակում ենք պահել մեր այս դիրքորոշումը», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Ադրբեջանի նախագահի երեք պահանջն էլ ՀՀ ինքնիշխանութեան խախտում է ենթադրում: Մենք չենք կարող ընդունելի համարել, որ որեւէ մէկը, որեւէ երկրի քաղաքացի մեր սահմանը անցնի առանց սահմանային վարչարարութեան: Մենք պատրաստ ենք պրոցեդուրաների (ընթացակարգերու) պարզեցման, տեխնոլոգիաները (արհեստագիտութիւնները) արդիւնաւէտ լուծումներ կարող են տալ, կարող ենք քննարկել»:

Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստանի համար հետագայ սահմանազատման գործընթացին մէջ առաւելագոյն յստակութիւնը առանցքային է՝ յիշելով Ալմա Աթայի հռչակագիրը, որմով ԽՍՀՄի նախկին հանրապետութիւնները ընդունած են, որ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ սահմանները այսուհետեւ կը ճանչցուին բոլորին կողմէ՝ իբրեւ նորանկախ պետութիւններու միջեւ սահմաններ:

«Նոր սահմաններ գծելու լիազօրութիւն որեւէ մէկը չունի, մենք շարունակում ենք մնալ վճռական, որ սահմանազատման գործընթացի ընթացքում համապատասխան յանձնաժողովները պէտք է վերարտադրեն իրաւական հիմքերով սահմանները այն կերպ, ինչպէս նրանք գոյութիւն են ունեցել ԽՍՀՄ փլուզման պահին», ըսած է ան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններուն:

«Երրորդ էական սկզբունքը տարածաշրջանի տնտեսական ու տրանսպորտային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակումն է երկրների ինքնիշխանութեան իրաւազօրութեան ներքոյ` համաձայն փոխադարձութեան եւ համաձայնութեան սկզբունքների», դիտեթ տուած է Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ հոս եւս իրենք Ատրպէյճանի կողմէ յետընթաց կը տեսնեն։

Ան յիշեցուցած է, որ նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը երրորդ երկիրներու մասնակցութիւն չի նախատեսեր, ընդհակառակը, ուղղակիօրէն ըսուած է, որ երթուղիի անվտանգութիւնն կ՚ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Խօսելով նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթի ստորագրութիւնը չեղարկելու հնարաւորութեան մասին՝ նախարարն ըսած է, որ Հայաստանը միշտ կատարած է իր պարտաւորութիւնները՝ ի տարբերութիւն միւս երկու կողմերու, իսկ չկատարման վկայութիւնն աւելի քան պարզ է։