Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է:
Այս մասին դիմատետրեան իր էջէն յայտնած է ինքը՝ Փափազեանը. «Ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ երէկ ինծի արգիլուած է մուտք գործել Հայաստան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով՝ Հայաստանի մէջ կը նկատուիմ անբաղձալի տարր»: Ան նշած է, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան հսնելէն ետք, ոստիկանութիւնը արգիլած է իրեն երկիր մուտք գործել, գրաւած է անձնագիրը եւ զինք առաջնորդած է վերադարձի օդանաւ:
«Գիտէի, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մուտքս արգիլուած է եւ հիմա իմացայ, որ արգիլուած է մուտքս նաեւ Փաշինեանի Հայաստան: Հայաստանի, հայութեան եւ Հայ Դատի համար 40 տարուան պայքարէս ետք նման իրավիճակի մէջ յայտնուիլը ուղղակի ցաւ կը պատճառէ զիս: Նիկոլ Փաշինեանի այս որոշումը յաւելեալ փաստ մըն է, որ ան իրեն տրուած պատասխանատուութեան բարձրութեան վրայ չէ: Ան ուժեղ է, երբ իր ոստիկանութենէն կը պահանջէ Հայ Դատի գործիչի մը վտարումը, բայց կը պատկերացնէ՞ք այս փոքրիկ ղեկավարը՝ Էրտողանին եւ Ալիեւին դիմաց: »,-գրած է Փափազեան:
Վերջինս իր գրառումը եզրափակած է՝ «Հայաստանի բնակիչները պէտք է ուշ կամ շուտ համոզուին, որ պէտք է ձերբազատիլ այս ղեկավարութենէն, որ ամէն ճիգ կ'ընէ թուլացնելու Հայաստանը: Սփիւռքը նոյնպէս պիտի հասկնայ: Բայց արդէն ժամանակն է ըսելու՝ Կանգ ա՛ռ»: