image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստան» դաշինքի ցուցակին յաջորդ թեկնածուն ՀՅԴ անդամ Արգիշտի Գէորգեանն է

«Հայաստան» դաշինքի ցուցակին յաջորդ թեկնածուն ՀՅԴ անդամ Արգիշտի Գէորգեանն է

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Ղազինեան յայտարարեց մանտաթը վար դնելու մասին: Պատգամաւորը պատճառներուն մասին չէ բարձրաձայնած, սակայն, նշած է, որ անոնք կը կրեն բացառապէս քաղաքական ու մարտավարական բնոյթ:

Արթուր Ղազինեանի լիազօրութիւնները կը դադրեցուին անոր հրաժարականի մասին Ազգային ժողովի նախագահի յայտարարութենէն մէկ շաբաթ անց: 

«Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակին մէջ յաջորդ թեկնածուն ՀՅԴ անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեանն է, որ դեռ որոշում չունի մանտաթը վերցնելու մասին:

«Դեռ չեմ մտածել` մանտաթը կվերցնե՞մ, թէ՞ ոչ: Ես պայքարի մէջ եմ, անկախ նրանից` մանտաթով եմ, թէ առանց դրա: Այս պահին էլ մասնակցում եմ «Դիմադրութիւն» շարժման գործողութեան», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեանը: